Nişanyan
Ամրագրել
Շիրինճէն մայրամուտին՝ գիւղին վերեւի այգիներէն
Ո՞ւր երթալ

Շիրինճէ, Եփեսոս, Թուաբանութեան գիւղ։

№ 01 — Գիւղը

Արժէ՞ Շիրինճէ գալ։ Արժէ՛։

Ծովու մակերեւոյթէն 400 մեթր բարձրութեամբ, յունական հին գիւղի մը բարձրագոյն կէտին վրայ ենք։ Շիրինճէ հեքիաթային գեղեցկութեան տէր վայր մըն էր։ Տակաւին հմայիչ է իր տեսքը։ Լեռները սքանչելի են։ Մժեղ չկայ։

  1. «Նշանեան» պանդոկը շուկայէն հեռու է՝ գիւղին ամենաբարձր կէտին վրայ, ուր տակաւին շատ հանդարտ ու գեղեցիկ է։
  2. Շիրինճէի ՀԵՌՈՒԷՆ տեսքը տակաւին կախարդիչ է։ Բնութիւնը, լեռները կարծես այս աշխարհէն հեռու աշխարհի մը կը պատկանին։
  3. Եթէ գիւղէն դուրս պտոյտի ելլէք, անհաւատալի գեղեցկութեամբ վայրերու կը հասնիք։
  4. Տակաւին պարասրահ եւ նման բաներ չկան, գիշերները հանդարտ են։
  5. Շիրինճէի մէջ մժեղ չկայ։ Բնաւ չկայ։ Ամառուան գիշերները բացօթեայ հանգիստ կը քնանաք։
  6. Պոլսոյ եւ Պոտրումի միջեւ ասկէ աւելի գեղեցիկ տեղ չկայ։ Թերեւս մէկ-երկու հատ կայ, բայց հոն ալ գիշերելու տեղ չկայ։
Ի՞նչ տեսնել

Բարձր բլուրներու լանջերուն յենած սպիտակ կրով ներկուած գեղեցիկ տուներ, նրբանցքներ, յոյներէն մնացած եկեղեցիներ։ Բնութիւն։ Ամառուան գիշերները առուակին եզերքը երգող սոխակներ։ Պարտէզներուն մէջ հին, լքուած այգետուներ։ Գիւղին հեքիաթային տեսարանը՝ հեռուէն։ Գիւղին ճարպիկ մանուկները։ Քայսեր լերան Թուաբանութեան գիւղը։

Բնակչութիւն

Ամրան, հաւանաբար, 650. ճիշդը ոչ ոք գիտէ։ Տօներուն եւ արձակուրդի օրերուն՝ 5000։ Տօներուն մի՛ գաք, խելքի բան չէ։

Բարձրութիւն

Գիւղին կեդրոնը՝ 350, պանդոկը՝ 400 մեթր։ Բարձրութեան շնորհիւ ամրան ամենէն գէշ օրերուն ալ, որքան ալ ցերեկը տաք ըլլայ, գիշերները զով են։ Օդը թեթեւ է, ծովեզերեայ աւաններուն այն թանձր գիշերային տաքը չկայ։ Ձմրան երբեմն ձիւն ալ կը տեղայ, ու Սելչուքէն մանուկները կը բերեն ձիւն տեսնելու։

Պատմութիւն

Շիրինճէ հին յունական գիւղ մըն է եւ իր իւրայատուկ նկարագիրը կը պարտի ատոր։ 1923-ին բոլոր յոյները իրենց տուներէն ու հայրենիքէն վտարուեցան։ Անոնց տեղ բնակեցուեցան իրենց տուներէն ու հայրենիքէն վտարուած խեղճ թուրքեր։ Քառասուն-յիսուն տարի շատ չարչարուեցան։ Յետոյ դեղձին շնորհիւ քիչ մը մէջքերնին շտկեցին։ Վերջին տասը տարին զբօսաշրջութիւնը անոնց համեմատական բարեկեցութիւն բերաւ։

№ 02 — 12 քմ

Եփեսոս եւ պարտադիր այլ տեղեր

Արտեմիսէն մինչեւ Մարիամ Աստուածածին

Աւանդութեան համաձայն, Քրիստոսէ առաջ 1500-ական թուականներուն Եփեսոսը առաջին անգամ հիմնած է Եփեսիա անունով ամազոնուհի թագուհի մը։ Աւելի ուշ յոյները Անդրոկղէսի առաջնորդութեամբ գրաւած են շրջանը։ Ճամբան ցոյց տուած է Դելփիի պատգամախօսը. «Ուր որ վայրի խոզ մը եւ ձուկ մը տեսնէք, հոն հաստատուեցէք», ըսած է։ Սկսած է յոնիական շրջանը։ Մեծն Աղեքսանդրի օրով Արտեմիս աստուածուհիին համար մարմարէ վիթխարի տաճար մը կառուցուած է, որ աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը նկատուած է։ Հռոմէացիները Եփեսոսը Փոքր Ասիոյ մայրաքաղաք հռչակած են ու քաղաքը վերակենդանացուցած՝ մարմարէ սիւնազարդ փողոցներով ու տաճարներով։ Մարիամ Աստուածածինը իր վերջին տարիները հոս անցուցած է։ Նաւահանգիստին ճահճանալուն պատճառով Եփեսոս կորսնցուցած է իր կարեւորութիւնը։ 14-րդ դարուն Անատոլիոյ իսլամ իշխանութիւններէն Այտընօղուլլարը կառուցած են Իսա Պէյի մզկիթը, որ այսօր ալ բաց է աղօթքի համար։

Պրիենէ – Միլեթոս – Տիտիմա

Շրջանի այս երեք հին քաղաքները կը հմայեն իրենց պատմութեամբ ու հնագիտական հարուստ ժառանգութեամբ։ Միլեթոսը ծննդավայրն է հին աշխարհի փիլիսոփայ ու մտածող Թալեսի։ Տիտիմի մէջ է Թուրքիոյ տակաւին կանգուն մեծագոյն մեհեանը՝ նուիրուած Ապոլլոնի։

Կելսոսի գրադարանը Եփեսոսի մէջ՝ իրիկնային լոյսին տակ
№ 03 — 2 քմ

Թուաբանութեան գիւղ

Թուաբանութեան գիւղն ու Թատրոնի ճեմարանը պանդոկէն 2 քմ. հեռու են. Թուրքիոյ անզուգական ու արտակարգ ուսումնական երկու հաստատութիւններն են։ Երկուքն ալ մտայղացուած են Սեւան Նշանեանի կողմէ։ Արսէն Նշանեանի ու իր ընկերներուն «Արխէ» կրթական ճամբարն ալ այդ շրջանին մէջ է։

Թուաբանութեան գիւղին քարէ սրահը
№ 04 — Աւելի հեռու

Այցելելու եւ բացայայտելու այլ վայրեր

Շիրինճէէն մէկ-երկու ժամ հեռու կը գտնուին Թուրքիոյ ամենէն տպաւորիչ բնական ու պատմական գեղեցկութիւններէն քանի մը հատը. Պաֆա լիճը, Քուշատասըի ազգային պարտէզը՝ իր անաղարտ ծովախորշերով, Պերգամոնի աւերակները, օսմանեան աւանները՝ Թիրէ եւ Պիրկի…

Եգէական շրջանի ամենէն գունեղ շուկաներէն մէկը երեքշաբթի օրերը կը բացուի Թիրէի մէջ (46 քմ)։ Մենտերէսի Աքքէօյ եւ Քարինա ծովալճակներուն մէջ (80 քմ) ձմեռը վարդագոյն ֆլամինկօներու երամներ կը հանգրուանեն։ Պիրկի (100 քմ) պատմական թրքական աւան մըն է. հին թրքական տուներուն ամենէն գեղեցիկը՝ Չաքըրաղա առանձնատունը, հոս է։ Հերակլէա (110 քմ) Պաֆա լիճին հեռաւոր ափին, խորհրդաւոր աւերակներու հետ միահիւսուած գիւղ մըն է։ Լուսնկային՝ անսովոր։

Եգէականի ամենէն գեղեցիկ լողափերով Սամսուն Տաղի ազգային պարտէզը ինքնաշարժով 40 վայրկեան հեռու է. Փամուճաքի եւ Քուշատասըի լողափերը աւելի մօտ են։

Ամրագրել