Կերակուրի աշխատանոց

Միւժտէ Թէօնպէքիճիի 10 տարի առաջ սկսած կերակուրի աշխատանոցները այսօր Nişanyan-ի ամենէն յիշարժան փորձառութիւններէն մէկն են։

Պարտէզէն եկող բանջարեղէն, եգէական ձեւով եփում, գործնական աշխատանք, անսահման գինի, զրոյց եւ քիչ մը ծուլութիւն։

Կերակուրի դասընթացներուն 1-2 ժամուան աշխատանքով եգէական խոհանոցէն համեղ ու գործնական ընթրիք մը կը պատրաստենք։ Ապա ձեր պատրաստած կերակուրներով մեր տեռասին վրայ երեկոյեան սեղանը դուք կը պատրաստէք։ Ըստ ցանկութեան կը կազմակերպենք նաեւ Հին Հռոմի/Յունաստանի խոհանոց, օսմանեան կերակուրներ կամ փիցցայի աշխատանոցներ։

Müjde Tönbekici

Բարեւ։ Ես Միւժտէ Թէօնպէքչին եմ։ Պանդոկի խոհանոցը ըստ իս մեր հաստատութեան սիրտն է։

Մեր ընդարձակ պարտէզներու մէջ եղանակի բանջարեղէնի տեսակներ, հոտաւէտ անանուխ, ռեհան, ուրց կը բուսցնենք։ Ճաշերը, որ կը մատուցենք ճաշարանի մէջ, ես ինքս կը ծրագրեմ ու կը պատրաստեմ իմ օգնականներու հետ։ Բանջարեղէնը, միսը, ձուկը կ՚եփեմ եգէականի համեղ աւանդութիւններու համաձայն… Երբեմն կը համադրեմ նաեւ իմ կատարած այցելութիւններէ ներշնչուած համերը։ Ամէն տարի, մեր ձիթապտուղներով կ՚արտադրենք շուրջ մէկ թոն իւղ։ Դժբախտաբար չենք կրնար վաճառել։ Հազիւ մեր պահանջքը կը բաւարարէ։ Թուրքիոյ հանրային ԹՌԹ հեռատեսիլի կայանի ու Պի.Պի.Սիի համար ուստեստեղէնի վերաբերեալ հաղորդումներ ալ պատրաստած եմ։

Կ՚ուզեմ ձեզ հրաւիրել կերակուրի աշխատանոցներուն։ 1-2 ժամուան աշխատանքով մը թրքական ու արեւմտեան խոհանոցէ համեղ ու դիւրին նմուշներ կը պատրաստենք։ Թէ՛ պիտի եփենք, թէ պիտի զրուցենք։ Պիտի տեսնէք, որ դժուար չէ։ Այս առթիւ դուք ձեզի օր մը եւս նուիրեցէք Շիրինճէի մէջ։ Վայելեցէք աւազանը կամ բաղանիքը, մեր պատմական գիւղի սրճարանի մէջ տեղացիներու հետ թէյ կամ սուրճ խմեցէք, ձեր բաժակին նայիլ տուէք։ Մի խօսքով՝ ծուլութիւն ըրէք։

2-3 տարիէ ի վեր հետաքրքրուած եմ, թէ յոյներն ու հռոմէացիները հազարաւոր տարիներ առաջ ինչպէ՞ս կերակուր կը պատրաստէին այս նոյն մթերքներով։ Այս նիւթի մասին կրթութիւն ստացայ։ Հին աշխարհի կարում կոչուած համ հարստացնող նիւթը ինքս կ՚արտադրեմ ու կը պատրաստեմ հռոմէական ճաշի խրախճանք մը։

Սիրով…

up whatsapp